2012-06-14 12:29:49

ԱՄՆի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Ընդհանուր Ժողովը Ադլանդայի մէջ` ''Կրօնական Ազատութիւնը եւ Աւետարանութիւնը'' ։


Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Ադլանդայի մէջ գումարած են գարանանային իրենց լիանիստ հաւաքը որուն գլխաւոր նիւթն է կրօնական ազատութիւնը ազգային ու միջազգային գետնի վրայ։
Կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը նպատակադրեն հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնել մասնաւորապէս կրօնական ազատութեան բռնաբարումի հարցը ըլլայ ԱՄՆի մէջ եւ ըլլայ այլուր։
Եպիսկոոսները նոյնպէս կը բանակցին հովուական ծրագիրին վերակազմութեան մասին ''Նոր Աւետարանութիւն` հաւատք, պաշտամունք, վկայութիւն'' նիւթերու առնչութեամբ։ Նշենք որ սոյն հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Նարեկի Տիրամօր` Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ գերապայծառ Միքայէլ եպս. Մուրատեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.